2016-03-15 10:03:00

60 Հաշմանդամութիւն ունեցող երեխայ բուժում պիտի ստանայ` միասնական ջանքերով։


Աւելի քան 370 հաշմանդամութիւն ունեցող երեխայ կը բնակի Արագածոտնի մարզին մէջ: Անոնց մեծ մասը անապահով ընտանիքներէ են եւ չեն ստանար որեւէ վերականգնողական բուժում: Նոյն մարզին մէջ տեղակայուած «Կենտաւր» կեդրոնը առաջինն ու միակն է Հայաստանի մէջ, որ կ’իրականացնէ բուժում` կենդանիներու օգնութեամբ, հաշմանդամդամութիւն ունեցող երեխաներուն համար: Այս մասին «Հայերն այսօրին» կը յայտնեն Կենտաւր կեդրոնէն:

Մենք ձեռնարկած ենք մեծածաւալ դրամահաւաք /քրաուտֆանտինկ /Ինտիկոկօ կայքի միջոցով, որուն արդիւնքով 60 հաշմանդամութիւն ունեցող փոքրիկ պիտի ստանայ եռամսեայ վերականգնողական բուժում` մեր կեդրոնի ձիերու եւ շուներու օգնութեամբ:

Դրամահաւաքի արդիւնքով բուժման ընդգրկուած 52 կենդանիները կ’ապահովուին լիարժէք սնունդով` երեք ամիս շարունակ: Նուիրատուութիւն կրնաք  կատարել հէնց կայքին մէջ` դրամատան քարտի միջոցով: Մենք կը հաւատանք, որ միասին կրնանք արմատականօրէն փոխել այս 60 փոքրիկներու ճակատագիրը` պարգեւելով անոնց հանգստութիւն, ֆիզիկական եւ հոգեբանական ներդաշնակութիւն, ինքնավստահութիւն` աշխարհի մէջ ամենաարդիւնաւէտը համարուող բուժումներէն մէկուն շնորհիւ:








All the contents on this site are copyrighted ©.